2012-10-25 12:02:55

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Երեսուն­ութերորդ – Գլուխ Գ.ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (4)

Հարցում թիւ 135. Ի՞նչ է Եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը Հրեայ ժողովուրդին հետ։
Հրեայ ժողովուրդը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է. Արդ աստուածային շնորհքներն ու կոչը անդառնալի են։ Աստուծոյ եւ Հրեայ ժողովուրդը միջեւ կատարուած Ուխտը յետսկոչուած չէ։ Այսպէսով` հրեաները քրիստոնեաներուն անդրանիկ եղբայրներն են, որովհետեւ Աստուած նախ զիրենք սիրեց եւ ամէնէն առաջ` իրենց խօսեցաւ։ Յիսուս­մարդը հրեայ է. Ասիկա մեզ կը մօտեցնէ իրար։ Եկեղեցին սակայն կը ճանչնայ Յիսուսի մէջ կենդանի Աստուծոյ Որդին. Ասիկա մեզ կը բաժնէ։ Իրար միացած ենք Մեսիայի վերջին գալստեան սպասումին մէջ։
Մեր հաւատքը պատուաստուած է հրէական հաւատքին վրայ։ Հրէաներու Սուրբ Գիրքը, զոր կը կոչենք Հին Կտակարան, մեր Սուրբ Գրքի առաջին մասը կը կազմէ։ հրէա­քրիստոնէական պատկերը մարդուն, որուն բարոյականը կաղապարուած է տասը պատուիրաններով, հիմն է արեւմտեան ազգերու ժողովրդավարութեան։ Անընդունելի է որ, դարերու ընթացքին` քրիստոնեաները չեն ուզած յօժարիլ այս սեղմ ազգականութեանը հրէութեան հետ եւ, թեր­աստուածաբանական արդարացումներով, սնուցած են հրէութեան հանդէպ ատելութիւն մը, որ երբեմն մահացու եղած է։ Այս պատճառաւ` Յովհաննէս­Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը յայտնապէս ներողութիւն խնդրեց 2000 Սուրբ Տարուան առթիւ։ Վատիկանեան Բ. Տիեզերական ժողովը յստակօրէն կ՛ըսէ թէ Հրէաները` որպէս ժողովուրդ, պէտք չէ ենթարկուին հաւաքական պատասխանատուութեան Յիսուսի մահուան նկատմամբ, խաչի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.